ԽՕՍԷ' ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ (Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)
ԿՐՕՆԻ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
Կրօնի մասին նշուծ այս զանազան տեսակէտները ներկայացնելէ ետք,
փորձենք կատարել «կրօն» հայերէն բառին ստուգաբանութիւնը եւ ըմբռնումը: «Կրօն» հայերէն
բառին ծագումը ոմանք կը բացատրեն «կրել, ստանձնել, յանձնառու դառնալ», ուստի պաշտել(ծառայել)
ու պաշտամունք ընել իմաստներով: Իսկ ուրիշներ «կրօն» բառին ստուգաբանութիւնը կը կապեն
«կիր» կամ «կիրք» բառերուն, զգացական պահանջքի իմաստով: Սակայն ինչ ալ ըլլայ բառին
ստուգաբանութիւնը, կրօնը իմացական մարդուն եւ Գերագոյն Էակին միջեւ բազմատեսակ յարաբերութիւններու
արտայայտութիւնը կամ ամբողջութիւնն է: Գերագոյն Էակին եւ մարդուն միջեւ այս յարաբերութիւնները
երեք հանգրուաններու կը բաժնուին. Առաջին հանգրուանին` մարդը կը ճանչնայ Գերագոյն
Էակի մը գոյութիւնը իր մտքին զօրութեամբ եւ կ'ընդունի անոր գերակայու-թիւնը: Երկրորդ
հանգրուանին` մարդը կ'ընդունի Գերակայ Էակը իբր իր տէրը եւ կը խոնարհի անոր իշխանութեան
առջեւ: Երրորդ հանգրուանին` մարդը ընդունելէ ետք իր ենթակայութիւնը Գերագոյն Էակին
հանդէպ, զայն կ'արտայայտէ պաշտամունքով` զանազան ձեւերու տակ` աղօթք, երգ, պար, ողջակէզ:
Կրօնի մը ծագման հիմնակէտը երեք տեսակ է, նախ`բնութիւնը, ինչպէս արեւ, անձրեւը, ապա հեղինակաւոր
անձնաւորութիւն մը` ինչպէս Պուտտան, եւ հուսկ աստուածային յայատնութիւն մը: ա- Բնութիւնը
– Ասիկա բնական կրօնն է, ծնած`բնութենէն` առանց վարդապետութեան կամ ուսումնասիրութեան
մը մշակումին: բ- Հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը- Մեծ իմաստունի մը կողմէ յղացուած
կամ մշակած կրօնն է, որուն կ'ընկերակցին վարդապետա-կան կամ բարոյական տեսութիւններ կամ
խրատներ, ինչպէս Պուտտա, Կոնփուկիոս: գ- Աստուածային յայատնութիւն մը – Ուղղակի Աստուծոյ
կիղմէ անձի մը յայտնուած միաստուածութեան կրօնն է, որ գրի առնուած է գիրքի մէջ, ինչպէս`
քրիստոնեաներուն Աստուածաշունչը, հրեաներուն Թալմուտը, իսլամներուն Գորանը: